2012-02-13 13:05:55

<<Աւետարանացումը այսօր. հաղորդութիւն եւ Հովուական համագործակցութին Ափրիկէի ու Եւրոպայի միջեւ>> Գիտաժողով։


13 - 15 փետրուար 2012 Հռոմի Թագուհի Առաքելոց քահանայապետական համալսարանին մէջ տեղի կ'ունենայ` Եւրոպայի եպիսկոպոսներու համահաւաք դասի եւ Ափրիկէի ու Մատակասկարի եպիսկոպոսաց դասի միասնական երկրորդ գիտաժողովը որ ունի որպէս նիւթ <<Աւետարանացումը այսօր. հաղորդութիւն եւ Հովուական համագործակցութին Ափրիկէի ու Եւրոպայի միջեւ։ Մարդը եւ Աստուած. Եկեղեցւոյ առաքելիութիւնր աւետելու Աստուծոյ ներկայութիւնն ու սէրը>>։ Գիտաժողովին կը մասնակցին վերոյիշեալ եպաիսկոպոսական համահաւաք դասերու 70 ներկայացուցիչներ, Սուրբ Աթոռի զանազան Ժողովներու պատասխանատուներ ինչպէս նաեւ <<Միսիօ>> եւ <<Տարապեալ եկեղեցւոյ օգնութիւն>> կազմակերպութիւններու անդամներ։








All the contents on this site are copyrighted ©.